2015-02-16 13:31:54

''Քրիստոնեաները միակ չեմ թողուր'' ըսաւ` Թրիբոլիի մէջ առաքելական փոխանորդ` գերապայծառ Մարթիննելլին։


(Ռատիօ Վատիկան) Լիպիայի քաղաքական անկայուն իրավիճակը օրէ օր կը վատթարանայ. ՏԱՀԵՇի ծայրայեղական խմբաւորումները գրաւած են արդեն երկրին մէկ մասը ու պայքար յայտարարած են ''արեւմուտքի դէմ'' գլխատել տալով` 21 քրիստոնեայ եգիպտացի ղպտիներ։
Այս դժուար կացութեան մէջ `Թրիբոլիի մէջ առաքելական փոխանորդ` Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ, գերապայծառ Ճովաննի Իննոչէնցօ Մարթինելլին յայտնած է թէ` ինք, հակառակ բոլոր սպառնալիքներուն, կը մնայ Լիպիայի մէջ, քրիստոնեաներու կողքին, որովհետեւ այս է իր առաքելութիւնը։ ''Մենք հոս ենք յանուն Աստուծոյ եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսին, Յիսուսը վկայելու իղձով'' ըսած է Ան, Ռատիովտականի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատրաստակամութիւն յայտնելով նաեւ ''վկայելու իր հաւատքը''։
Գերապայծառ Մարթինելլի կոչ ուղղած է միջազգային հասարկութեան որ կարելին ընէ երկրի պետական իշխանութիւններուն հետ երկխօսութիւն հաստատելու համար, մէկդի դնելով սեփական շահերը։ Անոնք – ըսած է առաքելական փոխանորդը – մոռցած են մարդկային անկեղծ երկխօսութիւնը ու կը մտածեն միայն իրենց շահերուն։
Գերապայծառ Մարթինելլի շեշտած է հարկաւորութիւնը մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան վերահաստատումին, քննադատելով արեւմուտքի կողմէ` երկխօսութեան եւ ուրիշի հանդիպելու կամքի պակասութիւնը ու միայն սեփական շահեր փնտռելու մտահոգութիւնը։
''Յոյսս է որ այս ժողովուրդն ու երկիրը վերադառնան իրենց առօրեայ սովորական կեանքին ուր կարելի ըլլայ մշակոյթներու միջեւ եղբայրական երկխօսութիւնը. Գիտեմ դիւրին չէ. սակայն այս է միակ ճանապարհը''. հաստատած է Թրիբոլիի մէջ առաքելական փոխանորդը` Ռատիովտիկանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.